Յարգելի եւ սիրելի սգակիցներ,

Արմէն Արսլանեանի մահը ինչքան ցաւ ու ցասում կը պատճառէ բոլորիս, նոյնքան ալ զարմանքի առիթ կու տայ. իր մահը անտարակոյս հաւատքի խախտումի դուռը կը բանայ ըլլա՛յ բնազանցական արդար կարծուող աներեւոյթ ուժերու հանդէպ, ըլլա՛յ մեզի ժամանակակից ոչ արհամարհելի յաճախականութեամբ մը շեփորուող  առողջապահութեան սկզբունքներուն եւ այդ մարզէն ներս վիճակագրական անվիճելի կերպով հաստատուած եւ օրէնքի ուժ ստացած որոշ յանձնարարութիւններու հանդէպ: Մարմնամարզական իր փայլուն անցեալը եւ կեանքի ամենէն անմեղ մոլութիւններէն ինքզինք բծախնդրօրէն հեռու պահած մեր տարաբախտ ընկերը ահա մեկնեցաւ կեանքէն խոր սուգի մէջ թողնելով իր հարազատները եւ զինք սիրել սորված մտերիմներու բաւական մեծ զանգուած մը:

Մենք Պէյրութի մէջ շատ առիթ չենք ունեցած Արմէնին հետ միասին ըլլալու, սակայն հազուադէպ հանդիպումները բաւարար եղած են տեսնելու իր մէջ մարդկային ազնուագոյն յատկանիշները: Նկատած ենք, օրինակի համար, որ Արմէն հակառակ առաջին վայրկեանէն իսկ զգալի դարձող եւ զինք յատկանշող պատանեկան ամօթխածութեան՝ ան իր տեսակէտներն ու համոզումները, թէեւ անառարկելի քաղաքավարութեամբ, միաժամանակ սակայն զանոնք բուռն կերպով պաշտպանողն էր:     

 Իր անհատական բարեմասնութիւններու կողքին Արմէնի ամենէն աչքի զարնող կէտը հայ դպրութեան եւ մշակոյթի հանդէպ իր անկեղծ պաշտամունքն էր. անոր տածած գուրգուրանքը հայ գիրին պահպանման, պաշտպանութեան եւ զարգացման համար: Իր էութեան անբաժան մասնիկն էր հայ մանուկին եւ պատանիին հայերէնի եւ հայկական մշակոյթին հանդէպ սէրը արթնցնելու կամ զայն վառ պահելու մտատանջութիւնը: Ուրկէ՞ այս տեւական հոգածութիւնը հայ դպրութեան վերաբերմամբ մէկու մը քով, որ իր գիտակից կեանքի մեծագոյն բաժինը ապրած է եւրոպական ոստաններու մէջ, հեռու՝ հայահոծ միջավայրերէ: Աղբիւրներէն մէկը վստահաբար ատենին իր յաճախած դպրոցն էր, միւսը՝  իր անդամակցած հայկական մարզական միութիւնը, որոնք իրեն փոխանցած են  հայկական արժէքներու հանդէպ սէրը: Բայց կասկածէ վեր է, որ ամենէն վառ եւ ուժեղ ազդեցութիւնը եկած է իր անմիջական ընտանեկան շրջանակէն: Ընտանիքի երէցները իրենց անձնական օրինակով ճամբայ ցոյց տուած են իրենց զաւակներուն, որոնց կարգին նաեւ՝ Արմէնին: Արդարեւ՝ նախ Մելանքթոն Արսլանեանի, իսկ յետոյ նաեւ՝ Հայկ Արսլանեանի իշխանական նուիրատուութիւններով կարելի դարձաւ ներկայիս իրենց անունը կրող Համազգայինի ճեմարանի նոր համալիրի կառուցումը, առանց որուն Ճեմարանը լուրջ դժուարութիւն պիտի ունենար Լիբանանի մէջ իր կրթական գործը հեզասահ կերպով շարունակելու: Լիբանանի երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմի հանգրուանի մը այլեւս կարելի եղաւ տեսնել, որ քաղաքի Պէյրութի կեդրոնը գտնուող Նշան Փալանճեան ճեմարանի կառոյցը գէթ ժամանակի մը համար մատչելի պիտի չըլլար ճեմարանի աշակերտութեան մեծամասնութեան համար: Քանի մը տարի ժամանակաւոր կայքի մը մէջ իր դպրոցի  գործունէութիւնը կազմակերպելով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը ձեռնարկեց Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի շինութեան պատերազմէն անմիջապէս առաջ իր սեփականութիւնը դարձած հողաշերտին վրայ՝ Անթիլիասի բարձունքներուն վրայ: Մեր օրերուն դպրոցը կը գործէ անխափան արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ: Բնական է, Արմէնը մեծ խանդավառութեամբ դիտեց կատարուող աշխատանքները եւ իր այցելութիւններով նաեւ ուղղակի ականատես եւ մասնակից եղաւ անոնց:

Ասիկա՞ եղաւ արդեօք Արմէնի Պելճիքայի՛ մէջ ալ Համազգայինի աշխատանքը ծաւալելու մտադրութեան մեկնակէտը: Ինչ ալ ըլլայ պատճառը Արմէնը նոյն խանդավառութեամբ փարեցաւ այս գործին եւ յատկապէս իր ճիգերով 2009-ի Փետրուարին վերակազմակերպուեցաւ Պելճիքայի Համազգայինի կորիզը, որուն հիմնական աշխատանքներէն մէկը հանդիսացաւ  Մեխելենի Լեւոն Շանթ  շաբաթօրեայ դպրոցի խնամատարութիւնը: Արմէնի աչքերուն մէջ յաճախ նշմարած ենք մտահոգութիւն այս դպրոցի յանձանձման պարագայական դժուարութիւններուն պատճառով, նոյնքան ալ ուրախութիւն եւ ցնծութիւն դպրոցի ձեռքբերումները հաղորդող իր բանաւոր կամ գրաւոր արտայայտութիւններուն մէջ:

Մէկ խօսքով՝ Սփիւռքի դժուար ու շատերը յուսահատեցնող պայմաններուն մէջ Արմէնը հանդիսացաւ հայերէնի եւ ընդհանրապէս հայագիտութեան հաւատաւոր եւ ամուր յենարաններէն մէկը, որ բծախնդրօրէն հետապնդեց կամաւոր կերպով ստանձնած իր բոլոր պարտականութիւնները:

Իսկ այսօր ինք անողոք հիւանդութեան մը հարուածով պարտադիր վերջնական հրաժեշտը կ’առնէ մեզմէ: Ափսո՜ս: Սփիւռքը այնքա՜ն պէտք ունի հայերէն լեզուի եւ հայկական մշակոյթի արժէքը գիտցող նուիրեալներու: Համազգայինը եւ անոր նման այլ կազմակերպութիւններ այնքա՜ն պէտքը կը զգան Արմէն Արսլանեանի եւ այլ Արմէններու քաջալերանքին, օժանդակութեան եւ անոնց աշխատանքներուն գործօն մասնակցութեան: Մեր համահայկական հաւաքականութիւնը այսօր կ’ապրի իր պատմութեան ճակատագրական հանգրուաններէն մէկը: Այստեղ պէտք է նշել, որ Արմէնը եւ ընդհանրապէս Արսլանեան ընտանիքի անդամները ճիգ թափած են հայութեան զոյգ ճակատներուն վրայ հաւասարապէս: Համազգայինի աշխատանքներուն իրենց կատարած եւ դեռ կատարելիք շօշափելի ներդրումով անոնք բարձրացուցած են եւ կը շարունակեն բարձրացնել  սփիւռքահայութեան դիմադրողականութեան աստիճանն ու անոր զարգացման կարելիութիւնները: Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս իրենց կատարած ներդրումներով նպաստած են հայրենիքի տնտեսական վերելքին:

Արմէնին՝ վարձքը կատար: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ամբողջ Համազգայինի եւ աշխարհացրիւ համազգայնականներու անունով կը ցաւակցի իր ընտանիքի բոլոր անդամներուն:

Համազգայինը այսօր սուգի մէջ է Արսլանեան մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին հետ միասին: Արմէնի կեանքի մնացորդը իրե՛նց թող երթայ, որպէսզի աւելիո՛վ հետապնդեն Արմէնի, ինչպէս իրմէ առաջ  Մելանքթոնի եւ Հայկի գործերը:

Խոնարհելով իրենց յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս իրենց կը յայտնենք մեր եւ մեր կառոյցներու անվերապահ   երախտագիտութիւնը:

Մկրտիչ Մկրտիչեան

Ատենապետ Համազգայինի

Կեդրոնական Վարչութեան

Անվերս,  23  Մայիս  2015