Մարդիկ կը ծնին« իրենց կեանքի ուղին կը կտրեն« ու կը հեռանան այս աշխարհէն« ընդհանրապէս ապրելով անձնական կեանք մը« սուգի մատնելով իրենց անմիջական հարազատները« ընկերները« բարեկամները:

Ուրիշներ կը դառնան հանրային դէմքեր« ու նայած իրենց ունեցած դերակատարութեան ու հասարակութեան մէջ ձգած ազդեցութեան` աւելի մեծ շրջանակի մը կորուստը կը հանդիսանան« ատիկա ըլլայ քաղաքական« մշակութային թէ այլ ոլորտներու մէջ:

Ինչ որ մեր Տիգրանը – մեր բոլորին սիրելի Տիգրան Հաճէթեանը – կը տարբերէ այդ երկու պարագաներէն ալ« այն է« որ ան ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ իբր «հասարակ քաղաքացի»« այսինքն մեզի համար` սոսկ հայ մարդ մը« որ հաւաքականութեան մէջ որոշ պաշտօններ ստանձնելով հանդերձ« մնաց իր սեփական ընտանիքին ու ոլորտին մարդը« սակայն միաժամանակ իր յաճախ լուռ բարեգործութիւններով` մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ոչ միայն իր համայնքին« այլ իր ազգին կեանքին մէջ: Եւ սիրուեցաւ ու յարգուեցաւ բոլորին կողմէ:

Տիգրան եղաւ անխառն հայ ազգային մը ու հաւատարիմ անդամը ազատատենչ ու պահանջատէր հայութեան իր ընտանիքին« որ յատկապէս մեր մշակութային կարեւորագոյն կոթողներէն մէկուն` Ամաղու Նորավանքի վերանորոգութեան ու փրկութեան բերած իր նպաստով` իր անջնջելի հետքը թողուց մեր պատմութեան մէջ:

Ինձմէ խնդրուեցաւ թարգմանը հանդիսանալ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան« որուն ցաւակցագիրը« Համազգայինի համայն ընտանիքին կողմէ` ուղղուած Տիգրանին անբաժան կողակից ու գործակից Տիանային ու իր համայն հարազատներուն« սապէս կը բանաձեւուի©

Սրտի անհուն կսկիծով լսեցինք անակնկալ մահուան գոյժը Տիգրան Հաճէթեանի:
Այսու մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի եւ Ձեր ընտանեկան պարագաներուն:
Համազգայինի մեծ ընտանիքը բարձր կը գնահատէր Պարոն Տիգրանի հայրենասիրութիւնը եւ նուիրաբերութիւնները: Մեծ էր նաեւ անոր ներդրումը Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքին (Ֆորումին) մէջ, որուն համար անգամ մը եւս կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը:
Թող հողը թեթեւ գայ վրան եւ Աստուած Ձեզի պարգեւէ համբերութիւն եւ մխիթարութիւն:

Ուսանողական հաւաքին բերած իր ներդրումին մասին կ’անդրադառնայ նաեւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամը` Սելլա Թնճուկեան« որուն անդուլ ջանքերուն շնորհիւ էր« որ մէջտեղ եկաւ ու այսքան տարի շարունակաբար տեղի ունեցաւ այդ նախաձեռնութիւնը: Ան իր գրած «Սրտի խօսք»¬ին մէջ կ’ըսէ« թէ Տիգրան «ամէն տարի կանխիկ կը ղրկէր կոկիկ գումար մը« [ու] կը փափաքէր որ բոլոր մասնակցող համալսարանականները այցելեն Նորավանք« իր հիւրը ըլլան« ծանօթանան սրբավայրի պատմութեան հետ« ներշնչուին ու հայանան»:
Այդ «կոկիկ» գումարը« ամէն տարի« հաւաքին յատկացուող մեծագոյն նուիրատուութիւնն էր« բայց գումարէն աւելի կարեւորը Տիգրանին համեստութիւնն էր© երեւակայեցէք` Սելլային հետ ութը տարի միասին մաս կազմած եմ իրերայաջորդ երկու կեդրոնական վարչութիւններու« ու անձամբ երբեք լուր չեմ ունեցած« որ մեր սիրելի ընկերոջ ու բարեկամին նեցուկը կը վայելէինք:
Տիգրան անսակարկ նուիրումով կ’աջակցէր մեր նախաձեռնութիւններուն` կրթական« մշակութային թէ ազգային այլ մարզերէ ներս: Անշուշտ բախտաւոր եղաւ« որ իր կողքին ունէր իր ազգային տագնապներով տագնապող« իր երազները բաժնող` Տիանային նման կողակից մը:
Կը տեղեկանամ« որ կը նախատեսուի Տիգրանի աճիւնները փոխադրել Հայաստան ու ամփոփել Նորավանքի շուքին: Շատ արդար պիտի ըլլայ այդ« զայն հովանաւորած Օրբելեան իշխաններուն ու զայն կերտած Մոմիկ ճարտարապետին շիրիմներու կողքին իրն ալ զետեղուի` որպէսզի առյաւէտ յիշուի իր բարի անունը եւ օրինակ ծառայէ մեր բոլոր Տիգրաններուն:

ՎՐԷԺ¬ԱՐՄԷՆ