Արտասովոր բան չէ, այլ ընդհակառակն՝ ընկալեան սովորութիւն է, որ արժէքաւոր գիրքի մը հրատարակութիւնը գրաւոր արձագանգներ գտնէ մամուլի մէջ, գրախօսական, արժեւորում կատարուի ու անոր նուիրուի գինեձօն-ողջունահանդէս: Նմանօրինակ արձագանգումներ կը լսուին նաեւ նկարչական ցուցահանդէսի կամ երաժշտական ելոյթներու պարագային: Նոր ձայնապնակի մը հրապարակ գալը ընդհանրապէս առեւտրական ծանուցումով արձագանգ կը գտնէ, իսկ բացառաբար յաջող գործի մը պարագային սիւնակ կը տրամադրուի:

Մեր այսօրուան խօսքը նման բացառիկ գործի մը առիթով է© այս սիւնակներուն «ներշնչման աղբիւրը»՝ Սայեաթ Նովայի երգերը հաւաքագրող զոյգ մը խտասալիկներ են, պատրատուած ու վերջերս հրապարակ հանուած՝ Համազգայինին կողմէ, գործակցաբար հայրենի Սայեաթ Նովա Աշուղական Համոյթին հետ« որուն ղեկավարն է վաստակաւոր արուեստագէտ երգիչ Թովմաս Պօղոսեան: 1927ին ստեղծուած այս իւրայատուկ խումբը« որոշ ընդհատումներով« մինչեւ այսօր կը շարունակէ վառ պահել սայեաթնովայական ջահը:

Ի՞նչն էր որ մեզ խրախուսեց նման արձագանգումի մը:

Մէկէ աւելի շարժառիթներ:

Նախ եւ առաջ, եւ ինչպէս կը հաստատեն նախաձեռնողները, առաջին անգամ ըլլալով է որ հայ երաժշտասէրներուն կը հրամցուին Սայեաթ Նովայէն մեզի հասած ԵՐԳԵՐՈՒՆ գրեթէ ամբողջական ցանկը՝ ընդամէնը 31 երգ ու երաժշտական գործ: Ցարդ հրապարակ եկած խտասալիկները, իսկ անցեալին՝ ձայնապնակները առաւելագոյնն 16-18 երգ հրամցուցած են միանգամայն:

Նոր հրատարակուած զոյգ սալիկներուն գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ հանրածանօթ երգերու կողքին, հոն տեղ գտած են Սայեաթ Նովայի համեմատաբար քիչ ծանօթ կամ գրեթէ անծանօթ մէկ քանի երգերը, կամ՝ ծանօթ երգերու «մոռցուած» տարբերակները:

Աւելորդ կը նկատենք մանրամասնօրէն անդրադառնալ երգերուն ներկայացման ձեւին ու որակին մասին© գիրն ու նախադասութիւնները միշտ ալ անզօր են լիովին արժեւորելու երաժշտական գործեր, որովհետեւ ունկնդրութիւնն ու ունկին ճամբով երգին-երաժշտութեան ըմբոշխնումը անփոխարինելի են: Կը բաւականանանք արձանագրելով, որ իւրաքանչիւր երգ ու նուագ կը մատուցուի մեծ աշուղին արուեստին պահանջած որակով ու զգայնութեամբ, ունկնդիրը փոխադրելով այն աշխարհը, որ Սայեաթ Նովայինն էր աւելի քան 250 տարի առաջ, այդ աշխարհը կը վերապրի ու կը գոյատեւէ նաեւ այսօր, մեր հոգիներուն ու աշուղական արուեստի ոլորտին մէջ:

Երգերը կը ներկայանան շնորհալի մենակատարներու ձայներով (երիտասարդ կամ հասուն արուեստագէտներ), սակայն նաեւ խմբային կատարումներով, ինչ որ նպաստ կը բերէ աշուղական երգի մթնոլորտին ստեղծման: Ունկնդիրին լսողութենէն չի վրիպիր նուագարաններու դերակատարութիւնը՝ երգերուն գործիքաւորման պարագան© թառը, քամանչան, սանթուրը եւ դեռ՝ Սայեաթ Նովայի անուան կապուած նուագարաններու վրայ վարպետի կատարումներն ու «միջամտութիւնները» կ’ամբողջացնեն ձայնապնակին գեղարուեստական արժանիքները: (Հաւանաբար ունկնդիրը կարգ մը երգերու պարագային պիտի մղուի այս երգիչները բաղդատելու Սայեաթ Նովայի այլ վարպետ մեկնաբաններու հետ, սկսելով Շարա Տալեանէն, Վաղարշակ Սահակեանէն, Օֆելիա Համբարձումեանէն, մինչեւ Ռայիսա Մկրտչեան, Ռուբիկ Մաթեւոսեան, Լեւոն Գաթըրճեան եւ ուրիշներ© սակայն ան շուտով պիտի անդրադառնայ, թէ տաղանդաւոր երգիչներու միջեւ բաղդատութիւն ընելը արդար չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւրը՝ ինքնին, արժէք է, ինչպէս որ արժէք են այս ձայնապնակին մարմնաւորման մասնակից երգիչներն ու երաժիշտները):
***
Համազգայինը չէ բաւականացած միայն զոյգ մը խտասալիկ պատրաստելով, այլ գացած է քայլ մը անդին (բարեբախտաբար այս մէկը աննախընթաց երեւոյթ չէ): Խտասալիկներու տուփիկին մէջ տեղ գրաւած է փոքր գրքոյկ մը, որ ըստ բաւականին համապարփակ է:

Նախ, կը ծանօթանանք այն երաժիշտներուն ու երգիչներուն, որոնք մասնակից են կատարումներուն: Անոնց լուսանկարները ընկերացած են խումբին մասին բացատրական գրութեան, որ նոյնքան շահեկան է, որքան աշուղին մասին միւս գրաւոր արտայայտութիւնները

Աւելին, գրքոյկին մէջ արձանագրուած են բառերը ընդգրկուած բոլոր երգերուն: Իսկ նկատի ունենալով, որ Սայեաթ Նովա երգած-գրած է Թիֆլիսի բարբառով, անոր գիրը դժուարահասկնալի է ժամանակակից հայուն համար (ոչ թէ անոր համար, որ իր «գիրը ուրիշ գրէն է»), գրքոյկին մէջ տեղ տրուած է բառարանի մը, որպէսզի ունկնդիրը կարենայ լաւագոյնս ըմբոշխնել Սայեաթ Նովայի երգը:

Տակաւին, գրքոյկը կը բացուի երեք ստորագրութիւններով: Սայեաթ Նովայի գրական ու երգի ժառանգութեան հմուտ երեք երախտաւորներ՝ Գրիգոր Շահինեան, Պետրոս Ալահայտոյեան (հայերէնով) եւ Նիկողոս Թահմիզեան (անգլերէնով) սեղմ ուրուագիծներով կը ներկայացնեն Սայեաթ Նովա մարդը, արուեստագէտը, անոր տաղանդն ու արժանիքները: Այլ խօսքով, եթէ երգի սիրահարը միայն նուազագոյն գաղափարը ունէր մեր մեծագոյն աշուղին մասին, ահաւասիկ առիթը կ’ունենայ քիչ մը աւելի լաւ ճանչնալու զայն, հաղորդակից դառնալու մարդուն ու ժամանակին հետ:
***

Ո°չ զոյգ խտասալիկները, ո°չ ալ յիշեալ գրութիւնները կը յաւակնին ըսելու, որ ամբողջական պատկերով կը ներկայացնեն Սայեաթ Նովան:

Որովհետեւ’
Սայեաթ Նովան չէ անմահացած միայն այս 31 երգերով: Անոր երգէն-գրիչէն մեզի ժառանգ հասած են աւելի քան 200 բանաստեղծութիւններ, իրենց տարբերակներով (ինչպէս որ տարբերակներ ունին աշուղին կարգ մը երգերուն եղանակները): Ընդհակառակն, այս գրութիւններն ու երգերը կրնան առիթ ընծայել, որ ունկնդիրն ու ընթերցողը մղուին պեղելու Սայեաթ Նովան, ծանօթանալու անոր կեանքի մանրամասնութիւններուն, արուեստի իւրայատկութեան, մեծ սիրահարին ու իմաստասէրին: Այդ ընելու պարագային, անոնք պիտի տեսնեն, որ գիրի ու երաժշտութեան ինչպիսի° տաղանդ մը կը կանգնի այս անունին ետին: Պիտի տեսնեն, թէ հազիւ 30 տարեկանին, ու առանց ձայնասփիւռ-պատկերասփիւռ կամ արդի արհեստագիտութեան միջոցներու, ան ի°նչպէս տիրապետած է իր օրերու Կովկասի երգաշխարհին, դարձած է երգի ախոյեան, նուաճած է պալատ ու ժողովուրդի սիրտը, թէեւ ինքզինք դաւանած է ժողովուրդի ծառան՝ «խալխի նոքար»: Այդ ընելով՝ ընթերցողը նաեւ պիտի գտնէ պատասխանը այն հարցումին, թէ Սայեաթ Նովան ինչո°ւ, ստեղծագործելէ աւելի քան 250 տարիներ ետք, նոյն յաջողութեամբ ու հմայքով կը նուաճէ նա°եւ մեր սիրտերը, ինչպէս որ ըրած էր 1750ական տարիներուն:
Շնորհաւորելի է Համազգայինի Երաժշտական Միաւորը, այս գեղեցիկ իրագործումին համար: Սպասելի է, որ Կանաչեանի, Ա© Խաչատուրեանի եւ այլ նախընթացներով սկսուած երթի ճամբուն վրայ արձանգրուին նոր քայլեր, որպէսզի մեր պատանի ու երիտասարդ սերունդները պատանդ չմնան հայ երգն ու երաժշտութիւնը արդիականութեան անուան տակ խեղաթիւրողներու եւ այլափոխողներու «մականին»:

Ս© ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ