Սիրելի Տիգրանը մեկնեցաւ մեզմէ անվերադարձ:

Սիրելի Տիանա« թէեւ հեռացաւ անբաժանելի ընկերդ՝ սիրելի ամուսինդ« սակայն գործն ու յիշատակը կենդանի պիտի մնան յաւիտեան:

Ընտանիքի անդամները եւ բարեկամները դժուար թէ հաւատան այս գոյժին: Ազգը դժուար հաշտուի իրականութեան հետ« վստահաբար մտերիմները ամէն օր զգան բարի դէմքին բացակայութիւնը« ծանօթները՝ ըլլա°յ Սփիւռքի« թէ Հայաստանի« ա°լ աւելի անդրադառնան թէ ինչպիսի անձնաւորութիւն մը առյաւէտ բաժնուեցաւ բոլորէս« ետին ձգելով իր բարի անունն ու գործերը:

Զարմանալին այն է« որ մարդուս ողջութեան չենք անդրադառնար« ու բնական կը գտնենք առաքինութեան տէր անձերու ներկայութիւնը« բարեկամութիւնը« նուիրումը: Յանկարծ երբ դաժան մահը անակնկալօրէն հարուածէ անձ մը« որ տակաւին պիտի գործէր« պիտի օգնէր շրջապատին« միայն ու միայն այն ժամանակ է որ կը սթափինք« կը զգանք պարապութեան« բացակայութեան ահաւորութիւնը:

Եկեղեցապաշտ« հայրենասէր« առատաձեռն« ժպտերես« յատկութիւններով լի անձ մը բաժնուեցաւ մեզմէ© վստահ՝ մոնթրէալաբնակ շրջանակը ա°լ աւելի ըսելիքներ պիտի ունենայ ու գրէ իր մասին« սակայն այսօր պարտք կը զգամ յետ մահու յիշատակելու այն ջերմ զգացումները« զորս կը ներշնչէր Տիգրանը մեր ընտանիքին՝ Եւրոպա իրենց ճամբորդութիւններուն ընթացքին:

Ազգի հոգերը ուսերուն շալկած« ման կու գային տէր եւ տիկին Հաճէթեանները« երկրէ երկիր« կաղանդ պապայի նման ծանրաբեռնուած« ամէն մէկ երկրի մէջ բարեկամներու« մտերիմներու յատուկ նուէրներով: Հայաստան« Լիբանան« Սուրիա« Պարսկաստան իրենց ճամբորդութիւններու ընթացքին« յաճախ Լոնտոն ալ ոտք կը դնէին« կը հանդիպէին մեզի՝ մասունքներու իրենց ծանր տոպրակէն մեզի ալ բաժին հանելով©©©: Մոմեր« խունկեր Տէր Զօրէն« եկեղեցական առարկաներ Հալէպէն կամ Պէյրութէն« անուշեղէններ Մոնթրէալէն« խաչքարի նմոյշներ Հայաստանէն« եկեղեցիներու հաւաքածոյի գիրքեր« նկարներ: Խանդավառ կը պատմէր Տիգրանը իրենց կատարած ուխտագնացութիւններուն մասին ու մենք հարց կու տայինք, թէ ի°նչպէս երկուստեք կը կրէին այդքան ապրանք« ինչպիսի՞ չարչարանքով կÿանցընէին այդ ամէնը սահմանէ սահման՝ իրենց ապրումներուն մասնակից ընելու համար իրենց մտերիմները:

– Տիգրա°ն« Տիանա°« խնայեցէ°ք ձեր կռնակներուն« կÿըսէինք« – այսքան ապրանքով ի՞նչպէս կարելի է երկրէ երկիր շրջիլ:

– Մեզի համար հաճո°յք է« – կÿըլլար պատասխանը:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքին՝ «ֆորումին»« ամէն տարի կանխիկ կը ղրկէր կոկիկ գումար մը« կը փափաքէր որ բոլոր մասնակցող համալսարականները այցելեն Նորավանք« իր հիւրը ըլլան« ծանօթանան սրբավայրի պատմութեան« ներշնչուին ու հայանան:

Իսկ վերջերս©©© յանկարծ սկսանք ստանալ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը« նուէր՝ Հաճէթեաններէն© արդեօք քանի՞ ընտանիքի բաժանորդագրութիւն նուիրեցին© կը փափաքէին« որ Մոնթրէալի լուրերը եւս ստանանք« հայ թերթը մտնէ հայ տուներէն ներս© հայերէն կարդացող կը փնտռէր© ինչպէ՞ս չգնահատել գաղափարը« մօտեցումը:

Միայն քանի մը ամիս առաջ էր« զինքն ալ գործի լծեցի© այս օրերուս մարդ գործի լծելը դժուար է« կը մտածէի© սիրայօժար ընդունեց առաջարկս՝ աշխատակցիլ Համազգայինի ապագայ ծրագիրներու նորակազմ յանձնախումբին: Որքան խանդավառ էր©©©: Որքան ուրախ էինք մենք« որ զինք մեր կազմին մէջ ունէինք: Նամակ գրեց« որ կը հետաքրքրուէր« լուրի կը սպասէր ինձմէ© կÿուզէի հեռաձայնով զեկուցել« զիրար կը խաչաձեւէինք© շատ անգամներ հեռաձայնեցի« մարդ չկար© կռահեցի« որ մեկնած ըլլալու են արձակուրդի: Պատգամս մնաց անպատասխան Մոնթրէալի հեռախօսի ընկալուչին մէջ©©©: Պիտի ուրախանար« լաւ լուրեր ունէինք աւետելիք© չհասա°յ« ափսո¯ս©©©

Բարեկամի մը կորուստը ծանր կը կշռէ իր շրջապատին վրայ« սակայն ազգի բարեկամի մը կորուստը առաւել եւս ծանր ու յուսահատեցուցիչ է բոլորիս համար:

Դժուար է մխիթարական տողեր գրել այս պահուս« բարեկամները այժմ շշմած են« գոյժը տակաւին անմիջական է« ու մենք կÿուզենք վատ երազի մը վերագրել զայն:

Բարի« պլպլան լոյս մըն ալ մարեցաւ Սփիւռքէն ու մեր անմիջական շրջանակէն:

Սելլա Թնճուկեան