Site in English
Previous Month Մայիս 2013 Next Month
Կիր. Բշ. Գշ. Դշ. Եշ. Ուր. Շբ.
   1234
5678910Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի ճաշկերոյթ11
12131415161718
192021222324Մուշեղ Իշխան Մեկուսի Մասնաճիւղի ընդհանուր ժողով25
262728293031
Interviews - Click to Listen
Pakin
Subscribe Now Online

50th Anniversary
Special Issue


 
 

Հաղորդագրութիւններ

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Հայ նորահաս սերունդին առողջ կրթութիւն տալը, եւ ի մասնաւորի անոր հայեցի ամուր դաստիարակութիւն ջամբելը Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հետապնդած գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած է միշտ: Իսկ նոր սերունդներու առողջ եւ արդիւնաւէտ հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու գործընթացը կը պայմանաւորուի մասնագիտացած, մանկավարժ, եւ ատակ ուսուցիչներու գոյութեամբ:

Վերջին տարիներուն, հայերէն լեզուի ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի դասաւանդութեան բնագաւառներուն մէջ, նշուած ստորոգելիները ունեցող ուսուցիչներու թիւը հետզհետէ նահանջ կ՝արձանագրէ, հայկական շատ մը վարժարաններու մէջ, ամբո'ղջ Սփիւռքի տարածքին: Եթէ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդ կարող ուսուցիչներու թիւի նուազումը շարունակուի ներկայ ընթացքով, ոչ-հեռու ապագային մեր նորահաս սերունդի հայեցի կրթութեան ծրագիրները մեծ տագնապներու պիտի մատնուին:

Այս խնդրին լուծում գտնելու ճիգին մէջ, եւ որպէս գործնական նախաքայլեր, առնուած են հետեւեալ նախաձեռնութիւնները:

1)Առաջարկուած է Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան, որ Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս հաստատուի հայերէնագիտական կրթութեան խտացուած ծրագիր մը: Առաջարկուած ծրագրի ուսումնական տեւողութիւնը պիտի ըլլայ երկու տարի: Ծրագրի աւարտին ուսանողը պիտի ստանայ Մագիստրոսի վկայական: Ծրագիրը պիտի ներառնէ արեւմտահայերէնի, հայոց պատմութեան, հայ գրականութեան եւ հայ մշակոյթի դասաւանդման բաժիններ: Ծրագրին հետեւող ուսանողները մեծաւ մասամբ պիտի ըլլան Սփիւռքի վարժարաններու մէջ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդելու համար պատրաստուող սփիւռքահայեր: Ծրագրին նպատակը պիտի ըլլայ նման ուսանողներու անհրաժեշտ հայերէնագիտական մասնագիտացում ջամբել: Այս առաջարկին գործադրութեան առնչութեամբ կը գտնուինք ծրագրումի հանգրուանի մէջ:

2)Հաստատուած է հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիր մը, որ կազմուած է հետեւեալ երկու հանգրուաններէն.

Ա)Սփիւռքի հայկական վարժարանէ մը հայերէնագիտական նիւթերու մէջ լաւ արդիւնքներով շրջանաւարտ երիտասարդը/ուհին կը հետեւի մանկավարժական համալսարանական ծրագրի մը (Education), որուն աւարտին կը ստանայ BA-ի կամ Licence-ի վկայական: Այս առաջին հանգրուանը կ'ամբողջացուի իր բնակած երկրին մէջ: Նոյն հանգրուանին կամ աւելի ուշ ուսանողը կ'ամբողջացնէ Teaching Diploma-ի (Diplome d’Enseignement) ծրագիր մը:

Բ)Երկրորդ հանգրուանով ուսանողը կ'ամբողջացնէ վերը մատնանշուած Երեւանի Պետական Համալսարանի հայերէնագիտական մասնագիտացումի՝ Մագիստրոսի մակարդակի ծրագիրը:

Հայերէնագիտական նիւթերու ուսուցիչներու պատրաստութեան այս ծրագիրը արդէն ընթացք առած է: Մէկ ուսանող արդէն իսկ սկսած է հետեւիլ իր Licence d’Education-ի ծրագրին:

3)Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է հոգալու այս ծրագրին հետեւող առաջին մի քանի ուսանողներուն ուսման եւ Հայաստանի մէջ կեցութեան ամբողջական ծախսերը: Աւելի մեծ թիւով ուսանողներու ծախսերը հոգալու համար, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը պատրաստ է գործակցելու կրթական կամ բարեսիրական այլ կազմակերպութիւններու կամ կառոյցներու հետ: Նաեւ կը ծրագրուի հիմնել այս նպատակին սատարող յատուկ հիմնադրամներ, հայցելով օժանդակութիւնը ազնիւ եւ հոգածու ազգայիններու:

4)Այս ուսանողներէն պիտի պահանջուի գրաւոր համաձայնագրով մը ստանձնել բարոյական պարտաւորութիւնը, ուսումը աւարտելէ ետք, առնուազն եօթը տարի հայկական վարժարանի մը մէջ պաշտօնավարելու իբրեւ հայերէնագիտական նիւթի ուսուցիչ:

Արդ, սոյն հաղորդագրութեամբ կը փափաքինք յայտարարել, թէ այս ծրագիրը մեկնարկուած է արդէն: Ապա նաեւ գործակցութեան կոչ ուղղել հետաքրքրուած կրթական կամ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն: Գործակցութեան կոչ ուղղել նաեւ Սփիւռքի հայկական վարժարաններուն: Վերջապէս, հրաւիրել հայկական վարժարաններէ շրջանաւարտ եւ այս ծրագիրով հետաքրքրուած աշակերտները, որ կապ պահեն Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակին հետ (central@hamazkayin.com , 00961-4-715684) :

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
18 Ապրիլ 2012


Feedback
 
Copyright © 2010 - Hamazkayin.com
Powered By: Cre8iveZone.com