Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւնը մշակութային եւ կրթական իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ մասնաճիւղերու վարչութիւններու եւ յանձնախումբերու միջոցաւ:

ա) Կարեւորագոյն յանձնախումբերէն մէկն է Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն վարժարանի խնամակալութիւնը, որ ժրաջան աշխատանք կը տանի վարժարանի բարօրութեան եւ մա°նաւանդ նիւթաբարոյական կացութեան բարելաւման համար:

Խնամակալութեան կողքին կը գործեն նաեւ Ծնողական եւ Ընկերային յանձնախումբերը, որոնք գոհացուցիչ նպաստ մը կ°ապահովեն վարժարանին : Գլխաւոր բարերարները՝ տէր եւ տիկին Արշակ եւ Սոֆի Գոլստընները, համանուն վարժարանի հաստատման եւ վերելքին բերած են իրենց անսակարկ օժանդակութիւնը: Երկու միլիոն տոլարէ աւելի նուիրատուութեամբ՝ մեծապէս սատարած են նոր սերունդներու հայապահպանման եւ զարգացման: Անոնք բարերարի սահմաններէն դուրս գալով՝ եղած են վարժարանին իսկական հայրն ու մայրը: 22 Մարտ 2003ին, ազգային բարերարը արժանացած է Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան շքանշանին:

ճեմարանը ունի աշակերտներու Նանօր երգչախումբը.

բ) Գրատարածի յանձնախումբը չի շարունակեր գործել անցեալի թափով, որովհետեւ գրադարանի գիրքերով հետաքրքրուողներուն թիւը զգալիօրէն նուազած է: Յանձնախումբի անդամները կը ցանկագրեն գիրքերը, կը պահեն գրադարանը:

գ) Դեկտեմբեր 2001ին Շրջանային Վարչութիւնը Պարի Յանձնախումբին միաւոր դառնալու արտօնութիւն տուած է: Պարախումբի ձեռնարկները մեծ արձագանգ թողած են գաղութի կեանքէն ներս: Պարախումբը իր շուրջ հաւաքած է 220 մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ եւ անոնց համար ստեղծած է հայկական մշակոյթով եւ շունչով բուրող հաճելի միջավայր:

դ) Ուսումնական Խորհուրդը կազմակերպած է արտասանական, շարադրական մրցումներ եւ ուսուցչական համագումարներ: Այցելած է շաբաթօրեայ վարժարանները եւ փորձած է իր լաւագոյնը ի գործ դնել կրթական գետնի վրայ անոնց օգտակար դառնալու համար: Վարժարաններու նպաստի գործառնութիւնները կատարած է Ուսումնական Խորհուրդը:

 

Յանձնախումբերու կողքին կը գործեն հետեւեալ մասնաճիւղերը.

ա) «Սեւան» մասնաճիւղը կը հաշուէ 40 անդամ: «Փափազեան» շաբաթօրեայ վարժարանը, որ կը հաշուէ 50 աշակերտ, շարունակած է գործել Սեւան Մասնաճիւղի պատասխանատուութեամբ եւ անմիջական հոգատարութեամբը մասնաճիւղի վարչութեան: Վարժարանի տնօրէնուհին է Տիկ. Սիլվա Կոթէյեան. Լոյս ընծայուած են օրացոյցներ, քարոզչական եւ նիւթական նկատառումներով:

Սեւան Մասնաճիւղը նաեւ ունի իր Պարախումբը` 100 պատանի, երիտասարդ-երիտասարդուհիներով:

բ) «Կոմիտաս» մասնաճիւղը կը հաշուէ 30 անդամ: Մասնաճիւղի Վարչութիւնը գործակցած է ուղեկից միութիւններուն հետ եւ սատարած հրապարակային ձեռնարկներու գեղարուեստական յայտագիրներու յաջողութեան: Կը շարունակէ օժանդակել «Մեսրոպ Մաշտոց» շաբաթօրեայ վարժարանին, Վարժարանը կը հաշուէ 60 աշակերտ: Վարչութիւնը մօտէն կը հետեւի Վարժարանի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ կը փորձէ նիւթական նպաստ ապահովել հաստատութեան:

գ) «Շանթ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը հաշուէ շուրջ 90 անդամ: 
Մասնաճիւղի շաբաթօրեայ «Թարգմանչաց» վարժարանը կը հաշուէ 110 աշակերտ: Տնօրէնն է Պրն. Վահրամ Ճիէանեան: Իրագործուած են տօնակատարութիւններ: Վարժարանը ունի իր տարեգիրքը:
Շանթ մասնաճիւղը ունի նաեւ թատերախումբ:

դ) «Նայիրի» մասնաճիւղը կը հաշուէ 120 անդամ: Մասնաճիւղը իր նպաստը կը բերէ «Թումանեան» վարժարանին, որ ունի 110 աշակերտ եւ կը գործէ տնօրինութեամբ Պրն. Ռոբերթ Գրիգորեանի: Վարժարանը ունի գործունեայ Ծնողական Յանձնախումբ եւ հոգաբարձական կազմ:

«Նայիրի» մասնաճիւղը նաեւ կը հովանաւորէ «Գարուն» ամսաթերթը, որուն խմբագրական կազմը կ°աշխատի Նայիրի Մասնաճիւղի ղեկավարութեամբ: Ամսական 1000 օրինակի տարածում ունի ամսաթերթը:
Նայիրի Մասնաճիւղը նաեւ ունի 60 հոգիէ բաղկացած երգչախումբ մը:

Շրջանային Վարչութիւնը կը համակարգէ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ յանձնախումբերուն աշխատանքը, հիմնական նպատակ ունենալով անոնց միախմբումը՝ մշակութային եւ կրթական աշխատանքներու ծիրին մէջ: Շրջանային Վարչութիւնը նաեւ մօտէն հետեւած է միօրեայ վարժարաններուն աշխատանքին եւ գնահատած է վաստակաւոր ուսուցիչները: