Լիբանանի մէջ 1930ի Հոկտեմբերին կը հիմնուի «Հայ Կրթական, Հրատարակչական Համազգայինի Ընկերութիւնը» եւ մինչեւ 1970՝ Համազգայինի բազմաբնոյթ աշխատանքները կ’իրագործուին զանազան շրջաններու մէջ հաստատուած մասնաճիւղերու վարչութիւններուն միջոցաւ: Կը կազմակերպուին գեղարուեստական ձեռնարկներ, թատերական ներկայացումներ, դասախօսութիւններ, զրոյցներ, սեմինարներ եւ ընկերային խրախճանքներ:

1975ին կը կազմուի Լիբանանի առաջին Շրջանային Վարչութիւնը, որ սկզբնական շրջանին կը գործէ խորհուրդներու միջոցաւ: Երաժշտական, Թատերական եւ Գիր ու Գրականութիւն խորհուրդներու հիմնական պարտականութիւնն էր մշակել ծրագիրներ եւ ներկայացնել զանոնք Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, որ համակարգելով նախատեսուած այլազան աշխատանքները, գործակցաբար մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, կեանքի կը կոչէր զանոնք:

Շուտով, աշխատանքի ծաւալումով, մասնագիտական ուղղուածութեան անհրաժեշտութիւնը ստեղծուեցաւ: Սիրողական մակարդակով գործող «խորհուրդ»ներուն անդամակցեցան համապատասխան պատրաստութիւնը ունեցող երիտասարդ տարրեր, որոնք ե՛ւ հետաքրքրութիւնը ե՛ւ պատրաստակամութիւնը ունեցան գործելու մշակոյթի զանազան բնագաւառներէ ներս եւ արհեստավարժի սահմաններուն հասնող բծախնդրութեամբ՝ գործեցին «Գիր ու գրականութիւն», «Թատերական», «Պարի», «Երաժշտական» միաւորները, որոնք իրենց մշակած ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ, շուտով յաջողեցան համալիբանանեան առումով ձեռնարկներ իրագործել:

Միաւորներու կողքին շարունակեցին գործել մասնաճիւղերը, որոնք 1986-էն սկսեալ մկրտուեցան մշակութային գործիչներու անուններով: Պէյրութի մասնաճիւղը կոչուեցաւ «Կոմիտաս» (1931ին հիմնուած), Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը՝ «Սիմոն Վրացեան» (1952ին հիմնուած), Էշրէֆիէի մասնաճիւղը՝ «Ռուբէն Զարդարեան» (1953ին հիմնուած), Անթիլիասի մասնաճիւղը՝ «Նիկոլ Աղբալեան» (1970ին հիմնուած), Այնճարի մասնաճիւղը՝ «Պարոյր Սեւակ» (1972ին հիմնուած), Նահր Մոթի մասնաճիւղը՝ «Համօ Օհանջանեան» (1986ին հիմնուած):

1980ական թուականներուն Համազգայինի գործունէութիւնը այնքան ծաւալած էր, որ անհրաժեշտ էր մնայուն կեդրոն մը ունենալը: Հետզհետէ կը կազմաւորուէին երգչախումբեր, թատերախումբեր, երաժշտական դասընթացքներ: Մեծ իրագործում էր Շրջանային Վարչութեան Մշակութային կեդրոնի կերտումը, որուն բացումը կատարուեցաւ 1988ին, Գարեգին Բ. Վեհափառի ներկայութեամբ եւ կոչուեցաւ Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մշակութային կեդրոն: Իսկ 2005ին տեղի անբաւարարութեան պատճառով «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ կարելի եղաւ ստեղծել «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնը:Այսօր զոյգ կառոյցներուն մէջ կը գործեն Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցները:

Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլէճը հիմնուած է 1983ին: «Բ. Կանաչեան» Երաժշտական Քոլէճը կը հաշուէ շուրջ 350 աշակերտ. առաջին տնօրէնը եղած է Վաչէ Պարսումեան, ապա յաջորդաբար տնօրէնի պաշտօնը վարած են Տիկ. Սոնա Քիւփելեան, Սեդրակ Սեդրակեան, Երուանդ Երկանեան, Արմէն Քէչէկ, Աշոտ Ճենտերեճեան, իսկ այժմ՝ Վահրամ Էմմիեան: Մասնագէտ ուսուցիչներ կը դասաւանդեն դաշնակի, ջութակի, կիթառի եւ զանազան լարային եւ այլ նուագարաններու գործնական եւ տեսական դասանիւթերը: Քոլէճը կ’ունենայ տարեկան աշակերտական եւ աւարտական դասարաններու ունկնդրութիւններ ու կը մասնակցի տարբեր տեսակի մրցանքներու: Երաժշտական Քոլէճը օժտուած է նաեւ երաժշտական կոկիկ գրադարանով մը: Ընթացաւարտները՝ յատուկ համաձայնագրի մը տուեալներով, կրնան կատարելագործել իրենց երաժշտական ուսումը Հայաստանի «Կոմիտաս»ի անուան երաժշտանոցին մէջ: 

Վերջին տարիներուն Քոլեճը ունի նաեւ իր սենեկային աշակերտական նուագախումբը, ինչպէս նաեւ ջութակահարներու, կիթառահարներու եւ տհոլահարներու համոյթները:

«Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի Դպրոցը հիմնուած է 1988ին եւ ունի շուրջ 75 աշակերտ: Մասնակից աշակերտները կանոնաւոր կերպով կը հետեւին գեղանկարչական դասընթացքներու: Կ’ունենան աշակերտական եւ աւարտական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ միջ-դպրոցական մրցանք-ցուցահանդէսներ: Դպրոցը ունի մշակուած ծրագիր ու մասնագէտ ուսուցիչներ: Դպրոցը ունեցած է վարիչ պատասխանատուներ, եւ ուսուցչական կազմը բաղկացած է հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներէ: «Թորոս Ռոսլին» Կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատուն է Վազգէն Մուղալեանը:

«Գայեանէ» Պարի Դպրոցը հիմնուած է 1989ին, ունի շուրջ 300 աշակերտ: Պարի դպրոցը տարբեր դասարաններու ընդմէջէն աշակերտութեան կը սորվեցնէ պարի տարբեր ճիւղերը եւ հերթաբար կÿունենայ իր տարեկան ելոյթները, ինչպէս նաեւ շրջապտոյտները: Երկար տարիներ պարի դպրոցի պարուսոյցը եղած է հայրենի արուեստագէտ Ֆելիքս Յարութիւնեան: Այժմ դպրոցի պարուսոյցներն են հայրենի արուեստագէտներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեանները: Վերջերս ստեղծուած է նաեւ պալէի յատուկ դասընթացք, որ ունի շուրջ 75 աշակերտ:

«Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը հիմնուած է 1997ին: Տարիքային տարբեր բաժանումներով անդամները մաս կը կազմեն երգչախումբին, կը հետեւին ձայնամարզութեան դասընթացքներու ու կ’ունենան տարեկան համերգներ: Ունեցած են նաեւ շրջապտոյտներ: Երգչախումբը յաճախ կ’ունենայ նոր երգերու կատարում, հայրենի հեղինակներու կողմէ ստեղծագործուած՝ յատուկ Կարկաչին համար : Երգչախումբը կը գործէ Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ. աշակերտութեան ընդհանուր թիւը շուրջ 150 է:

«Այգ» երիտասարդական երգչախումբը հիմնուած է 2008ին Զաքար Քէշիշեանի կողմէ: Տարեկան համերգի կողքին, երգչախումբը կը մասնակցի գաղութի զանազան ձեռնարկներուն, հայ թէ օտար դասական եւ ժամանակակից երգերով:

«Արեգ» Մանկապատանեկան Թատերական Դպրոցը հիմնուած է 1999ին: Թատերախումբի առաջին բեմադրիչը եղած է հայրենի արուեստագէտ Վիգէն Ստեփանեան, աւելի ուշ՝ հայրենի արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան: Այժմ դպրոցի ղեկավարն է Հրայր Գալեմլէրեան:

«Քնար» պարախումբը հիմնուած է 1956ին՝ բժ. Վարդգէս եւ տիկ. Էկլանթին Աբրահամեաններու ջանքերով. ունի շուրջ 40 անդամ: Շրջան մը պարուսոյցի հանգամանքով աշխատած է Գարինա Ալեքսանտրեան: Այժմ պարուսոյցներն են Կարէն եւ Ժագլին Մակինեանները:

«Գասպար Իփէկեան Թատերախումբը», որ նախապէս կոչուած է «Թատերասէրներու Միութիւն» հիմնուած է 1941ին, Գասպար Իփէկեանի կողմէ: Իբրեւ բեմադրիչ գործած են Գասպար Իփէկեանը, Ժորժ Սարգիսեանը, Բաբգէն Փափազեանը, Վարուժան Խտըշեանը, Դաւիթ Յակոբեանը, Ռոպերթ Առաքէլեանը, Յակոբ Տէր Ղուկասեանը: Այժմ Գասպար Իփէկեան Թատերախումբին կողքին ստեղծուած է երիտասարդական խումբ մը, որուն բեմադրիչներն են Սուրէն Խտըշեան եւ Հրայր Գալեմքէրեան:

«Գուսան» երգչախումբը հիմնադրուած է 1956ին: Սկզբնական շրջանին ճանչցուած է հիմնադիրին անունով ՝ «Բարսեղ Կանաչեան», ապա խմբավարի պաշտօն ստանձնած են Յարութիւն Թօփիկեան, Երուանդ Երկանեան, Պարգեւ Թասլաքեան: Երգչախումբին մաս կը կազմեն շուրջ 60 անդամներ: Այժմ խմբավարն է Գրիգոր Ալոզեան:

Շրջանային Վարչութիւնը իր կողքին ունի նաեւ յանձնախումբեր, որոնք կ’օժանդակեն Շրջանային Վարչութեան զանազան ձեռնարկներու յաջողութեան: Գեղարուեստի դպրոցները ունին իրենց խնամակալութիւնը, «Կարկաչ» երգչախումբը, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը եւ «Քնար» պարախումբը ունին իրենց վարչութիւնները, որոնք մօտէն կը հետեւին կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքին, ինչպէս նաեւ գործնապէս կ’օժանդակեն իրագործելու համար տարեկան ձեռնարկները:

Հայրենիք-Սփիւռք կապերը ամրապնդելու համար Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւնը Լիբանանի հայութեան յաճախ կը մատուցէ հայրենի արուեստագէտներու եւ խումբերու ձեռնարկներ, որոնք կ’արժանանան մեծ գնահատանքի:

Լիբանանեան մշակութային կեանքին մէջ իր յատուկ տեղը ունի Համազգայինը իր հետեւողական աշխատանքով եւ իրագործումներով: