Հիւսիսային Ամերիկայի ամբողջ տարածքին Համազգայինի առաջին մասնաճիւղը հիմնուած է Գանատայի (Քեպէգ նահանգի) Մոնթրէալ քաղաքին մէջ 1963-ի Օգոստոսին: Մասնաճիւղը համախմբած է 1955-էն սկսեալ գաղութին մէջ յաջորդաբար կազմուած երգչախումբը« պարախումբն ու թատերախումբը:

Թորոնթոյի (Օնթարիօ նահանգ) մասնաճիւղը յառաջացած է 1969-ին:

Այս զոյգ մասնաճիւղերու եւ Ա.Մ.Ն-ի Պոսթըն« Նիւ Եորք« Նիւ Ճըրզի ու Տիթրոյիթ քաղաքներու հայ մշակութային միութիւններուն նախաձեռնութեամբ« 1975-ի Յունիսին յառաջացած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան շրջանի Համազգային Հայ Մշակութային Միութեան գործադիր մարմինը: Այս մարմնին նպատակն էր Համազգայինի անուան տակ հաւաքել բոլորը ու սերտացնել անոնց միջեւ յարաբերութիւնները:

Գործադիր մարմինի ջանքերով կը հիմնուին Գանատայի Համիլթըն ու Գէմպրիճ քաղաքներու մասնաճիւղերը (1976-ին):

Գործադիր մարմնի հրաւիրած բացառիկ Պատգամաւորական ժողովը (Թորոնթօ« դեկտեմբեր 1976) կը ճշդէ Համազգայինի նոր կառոյցը« որոշելով յառաջացնել Գանատայի Շրջան ու Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան Շրջան: Ապա նոյն մարմնի հրաւէրով 1977-ի Յունիսին յաջորդաբար կը գումարուին Պոսթընի մէջ՝ Ա.Մ.Ն. արեւելեան Շրջանի« իսկ Համիլթընի մէջ՝ Գանատայի Շրջանի անդրանիկ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովները« ընտրելու համար առաջին Շրջանային վարչութիւնները:

Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը 1978-ին կեանքի կը կոչէ գրատարած յանձնախումբ մը« որ կը ստանձնէ« մասնաճիւղերուն ճամբով« հայ գրքի ու երգապնակներու-երիզներու տարածումը Գանատայի բոլոր հայաշատ քաղաքներուն մէջ: Գանատայի տարածքին գրատարածման ամէնէն կազմակերպ այս նախաձեռնութիւնը կը գոհացնէ հայ գրասէրներու գրական, եւ հայկական վարժարաններու դասագրքային պահանջները արդիւնաւէտ կերպով:

Վանգուվըրի մասնաճիւղը կը ստեղծուի 1981-ին:

2002-ին« օգտուելով Համազգայինի Դ. Պատգամաւորական ժողովի մշակած նոր կանոնագրի տրամադրութիւններէն« Շրջանային վարչութիւնը կը քաջալերէ կորիզներու կազմութիւնը:

Արդ« 2006 թուականին Համազգայինի Գանատայի շրջանը կը ներկայացնէ հետեւեալ պատկերը« համագումար 347 անդամներով.

Մասնաճիւղեր՝

  1. Սանահին (Մոնթրէալ-Լաւալ) – 269 անդամ
  2. Գլաձոր (Թորոնթօ) – 77 անդամ

Կորիզներ

  1. Տաթեւ (Գէմպրիճ) – 7 անդամ
  2. Վարագ (Վանգուվըր) – 5 անդամ
  3. Հաղբատ (Քեպէգ քաղաք) – 3 անդամ
  4. Ամարաս (Համիլթըն) – անուանական
  5. Արմաշ (Սէնթ Գաթրինզ) – անուանական

Գանատայի մէջ Շրջանային վարչութեան գլխաւոր աշխատանքը կը հանդիսանայ մասնաճիւղերու աշխուժացումը, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերուն միջեւ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի միւս Շրջաններուն հետ յարաբերութիւններու սերտացումը:

Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ 1995-էն սկսեալ տեղի կ°ունենայ հայագիտական ամառնային 15-ժամեայ դասընթացքը« որ կը տրուի Գանատայէն թէ արտասահմանէն հրաւիրուած մասնագէտ դասախօսներու կողմէ:

Մասնաճիւղերը կը տանին աշխոյժ եւ այլազան գործունէութիւն:

Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղը ունի «Անի» պարախումբը« «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբը« «Քնար» երգչախումբը« գրական« կերպարուեստի« գրադարանի ու գրատարած յանձնախումբերը« ինչպէս նաեւ եզակի հաւաքածոյ մը հայկական արքայական տարազներու: Մասնաճիւղը կը պահէ Գանատայի մեծագոյն հայկական հանրային գրադարանը՝ 12«000 հատորներով: 1969-1991 տարիներուն գործած է Համազգայինի տեղական ռադիոժամը:

Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղը ունի «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը« «Էրեբունի» պարախումբը« «Գուսան» երգչախումբը եւ «Արշիլ Կորքի» նկարչական արուեստանոցը: 2007-էն սկսեալ« մասնաճիւղը Սեպտեմբեր ամսուն կը կազմակերպէ «Նուռ» հայկական շարժանկարի փառատօնը« որ իր տեսակին մէջ եզակի նախաձեռնութիւն մըն է: Մասնաճիւղը ունի նաեւ գրադարանի եւ գրատարած յանձնախումբերը. այս վերջինը նաեւ կը կազմակերպէ գրական-դասախօսական ձեռնարկներ: 2005ին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի համալիրի ընդլայնման՝ երիտասարդական կեդրոնի շինութեան, մաս կը կազմէ Համազգայինի թատերասրահի կերտումը՝ շնորհիւ հաւատաւոր համազգայնականներ Սիմոն եւ Մարալ Հասրճեաններու մեծագումար նուիրատուութեան:

Համիլթընի մէջ միշտ կը գործէ Համազգայինի ռադիոժամը:

Միացեալ կարեւոր ձեռնարկներու առթիւ Համազգայինը կը գործակցի գաղութի հայկական մշակութային եւ այլ կազմակերպութիւններուն հետ:

Վերջապէս« Համազգայինը իր բոլոր մասնաճիւղերով ու կորիզներով« կ’աշխատի հայութիւնն ու հայ մշակոյթը ծանօթացնել Գանատայի ժողովուրդին« ու իր անմիջական մասնակցութիւնը կը բերէ միջ-մշակութային կամ բազմամշակութային զանազան ձեռնարկներու ու կը գործակցի տեղական գեղարուեստական մասնագիտական խումբերու հետ, անոնց ճամբով առիթ կ°ընծայէ հայ արուեստագէտներուն լայն հասարակութեան առջեւ ներկայանալու:

Email: regional@hamazkayin.ca