ԱՆՈՒՆ, ՏԱՐԲԵՐԱՆՇԱՆ, ԲՆՈՐՈՇՈՒՄ

Յօդ. 1.1 – Միութիւնը կը կոչուի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ (ՀՀԿՄՄ), կրճատուած՝ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ:

Յօդ. 1.2 – ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի անունը այլ լեզուներու կը թարգմանուի ըստ տեղական պայմաններուն՝ Կեդրոնական վարչութեան վաւերացումով:

Յօդ. 1.3 – ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի պաշտօնական տարբերանշանն է՝

LOGO-HIRES

Յօդ. 1.4 – ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆը հայութեան կրթական ու մշակութային նպատակները հետապնդող, ոչ-շահութաբեր կազմակերպութիւն է, ու կը ղեկավարուի ժողովրդավար սկզբունքներով:

2. ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՊԱՏԱԿ

Յօդ. 2.1 – ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆը կը հաւատայ ընդհանրական եւ ազգային մշակութային արժէքներու կարեւորութեան եւ կը դաւանի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի իտէալին՝ համոզուած, որ սեփական ու ինքնիշխան հայրենիքի մէջ միայն հայ մշակոյթը կրնայ հասնիլ իր ամբողջական ծաղկումին:

Յօդ. 2.2 – ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆի նպատակն է` պահպանել, զարգացնել ու տարածել հայ մշակոյթը եւ կրթութիւնը՝ Հայաստանի ու համայն հայութեան գոյատեւման առաքելութեամբ:

 

կանոնագիրը ներբեռնել այստեղ