Լիբանանի Գրասենեակ

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը մինչեւ 1990 թուական եղած է նշանակովի: Մինչեւ 1980ական տարիները Վարչութիւնը գրասենեակ ու գործավարութիւն չունէր: Ընկեր Գառնիկ Բանեանը ներկայ կ’ըլլար ժողովներուն եւ ատենագրութիւն կը պահէր: Աւելին ընելու հարկն ալ չէր տեսնուեր, քանի կեդրոն-շրջաններ հետագայ անմիջական ու առօրեայ յարաբերութեանց դրութիւնը չկար տակաւին: Ժողովները տեղի կ’ունենային Ն.Փալանճեան Ճեմարանի սրահներէն մէկուն մէջ մերթ շաբաթօրեայ, մերթ երկշաբաթօրեայ դրութեամբ: Ժողովներուն կը մասնակցէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Համազգայինի մօտ ներկայացուցիչը. 80-ական թուականներուն ներկյացուցիչն էր ընկեր Սարգիս Զէյթլեանը:

Այս վերջինին առեւանգումով եւ հետզհետէ շեշտուող անապահովութեան բերումով՝ ժողովատեղին փոխադրուեցաւ Արեւելեան Պէյրութ, ուր գրասենեակ մը վարձուած էր Քաղաքապետարանին մօտ՝ Մխիթարեան շէնքէն: Գործավարութիւնը ինքնաբերաբար դիմագիծ փոխեց. ընկեր Գառնիկ Բանեան փաստօրէն չէր կրնար այլեւս ծառայել թէ՛ տարիքի բերումով եւ թէ փոխադրութեան դժուարութեան պատճառով: Ուրեմն այսպէս է, որ իսկական գործավարական դրութիւն մը հաստատուեցաւ եւ պատասխանատուութիւնը յանձնուեցաւ ընկեր Բենօ Թոնդեանին: Այդ օրերուն Ս.Զէյթլեանի փոխարէն Կ.Վ.ի ժողովներուն կը մասնակցէր ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը:

Ընկ. Բենօ Թոնդեան խորքին մէջ զոյգ պաշտօններ վարեց. ինք ոչ միայն գործավար էր եւ գրասենեակի պահապանը, այլեւ վերահսկիչ դարձաւ շինարարական այն բարդ եւ ծաւալուն գործունէութեան, որուն ձեռնարկուեցաւ 1980-ական թուականներուն Արեւելեան Պէյրութի մէջ, նախ՝ Շաղզոյեան շէնքի դպրոցի վերածման աշխատանքով, որպէսզի Ճեմարանը այնտեղ գործէր, ապա՝ Ծաղկաձորի շէնքերու շինարարութեան առթիւ:

1990 թուականը անկիւնադարձ մը կազմեց թէ՛ Համազգայինի, թէ՛ գործավարութեան պատմութեան մէջ, քանի որ այդ թուականին Աթէնքի մէջ գումարուեցաւ պատգամաւորական առաջին ժողովը՝ մասնակցութեամբ մեր բոլոր հեռաւոր շրջաններու պատգամաւորներուն. ընտրուեցաւ կեդրոնական վարչութիւն. ասիկա Համազգայինի առաջին ընտրովի կեդրոնական վարչութիւնն էր :

Տրուած ըլլալով որ ատենապետ ընտրուեցաւ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեանը, որ ամերիկաբնակ էր, Կեդրոնական Վարչութիւնը ստիպուեցաւ պահել երկու գրասենեակ, մէկը՝ Ամերիկայի մէջ, ընկերուհի Նազ Տէր Սարգիսեանի քարտուղարութեամբ, միւսը՝ Պուրճ Համուտի մէջ, ընկեր Յակոբ հաւաթեանի գործավարութեամբ:

Թէեւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը հաստատուած էր Ամերիկա, այսուհանդերձ Լիբանանի մէջ կը պահուէր 6 հոգինոց կազմ մը, որ կը գործէր լայն ինքնավարութեամբ. այս հատուածի ատենապետն էր ընկեր Կարպիս Հարպոյեանը: Կ.Վ.ի նստավայրը փոխադրուած էր Շաղզոյեան կեդրոն:

Կարճ ժամանակի մը համար (1990-1994) Կեդրոնական Վարչութիւնը պարտաւոր էր երկու գրասենեակներով գործել:

1998-ին գրասենեակի գործավարին՝ ընկեր Յակոբ Հաւաթեանին յանձնուեցաւ «Վահէ Սէթեան» տպարանի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը, որմէ ետք գործավարական աշխատանքի համար գործի հրաւիրուեցաւ Արին Գալուստեանը, որ 2013 Սեպտեմբերէն ի վեր կը գործէ իբրեւ գրասենեակի գործադիր տնօրէն: Յունիս 2013-էն սկսեալ գործավարի պաշտօնը կը կատարէ Տօնիկ Տօնապետեան:

Կեդրոնական Վարչութեան նստավայրը 2001-ին Շաղզոյեան կեդրոնէն փոխադրուեցաւ Նշան Փալանճեան Ճեմարան, աւելի ուշ՝ 2005-ին, գրասենեակը փոխադրուեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, ուր կը գործէ մինչեւ օրս:

 

Հայաստանի Գրասենեակ

«Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնն իր գրասենեակը Հայաստանում հիմնել է 1991-ին:

Համազգայինի Հայաստանի մարմնի անդամներ են եղել հայրենի ճանաչուած մտաւորականներ Ռազմիկ Դաւոյեանը, Սոս Սարգսեանը, Ռուբէն Յովսէփեանը, Սարգիս Մուրատեանը, Վահագն Ստամբոլցեանը, Ռոմէն Ջուլհակեանը, Ֆելիքս Մելոյեանը, Երուանդ Երկանեանը եւ ուրիշներ:

Համազգայինի աշխարհասփիւռ ընտանիքի բոլոր անդամների պէս Հայաստանի կառոյցը իրականացրել է միութեան ծրագրային առաքելութիւնը՝ ազգային դիմագիծ ու նկարագիր ունեցող հայի կերտումը, միաժամանակ ստանձնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ իւրօրինակ մշակութային կամրջի դերակատարութիւնը:

Աշխատանքներն ընդգրկել են կրթութեան եւ մշակոյթի լայն ոլորտներ՝ գրահրատարակչութիւն, երաժշտարուեստ, հայագիտութիւն, կերպարուեստ, մշակութային փոխանակութիւններ, եւայլն:

Ստեղծագործական յաջողութիւններ է արձանագրել 1994թ.-ին հիմնադրուած Համազգայինի թատրոնը, որն այսօր ունենալով պետական կարգավիճակ եւ վայելելով Համազգայինի հովանաւորութիւնը, շարունակում է մնալ արուեստագէտների եւ թատերասէրների ուշադրութեան կենտրոնում:

«Համազգայինի» Հայաստանի գրասենեակի հեղինակութեանն ու վարկին մեծապէս նպաստել են պարբերաբար կազմակերպուող գիտաժողովները, ակումբային հաւաքները, հանդիպում-դասախօսութիւնները, գրքերի քննարկումները, ցուցահանդէսները, շնորհանդէսները, համերգները:

Գրասենեակը, 2002 թուականից սկսեալ, ստանձնել է եւ հետեւողականօրէն իրականացնում է  Համազգայինի Ուսանողական Ֆորումի Հայաստանում անցկացման   կազմակերպական  ամբողջ աշխատանքը:

«Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ», այնուհետև «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնների շրջանակներում «Համազգայինի» գրասենեակը ստանձնելով կազմակերպական դերակատարութիւն, հայաստանցի մշակութասէրին է ներկայացրել զանազան երկիրների «Համազգայինի» պարախմբեր եւ երգչախմբեր:

Համազգայինի միաւորներում աշխատելու համար գործուղուել են եւ այսօր էլ շարունակում են աշխատել մի շարք հայրենի դասախօսներ, արուեստագէտներ, մտաւորականներ, գիտնականներ:

Կրթական ոլորտում եւս Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը իրականացրել եւ շարունակում է իրականացնել  բազմաթիւ ծրագրեր, ինչպիսիք են «Յակոբ Կարապենց» ամէնամեայ կրթաթոշակի յատկացման աւանդոյթը, ԵՊՀ-ում Հայագիտական մագիստրոսական ծրագրի գործադրումը`գործակցութեամբ Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան,  Համազգայինի  կրթօճախներին դպրոցական գրականութեան, ուսուցողական CD-DVD-ների, քարտէսների տրամադրումը` գործակցութեամբ ՀՀ ԿԳՆ եւ  այլ ծրագրեր:

Այս բոլոր ծրագրերը ոչ միայն հարստացրել են Հայաստանի կրթական եւ մշակութային կեանքը, սփիւռքահայ մշակոյթը ներկայացրել հայրենիքում, զարգացրել Հայաստան-Սփիւռք հոգեւոր մշակութային եւ կրթական յարաբերութիւնները, այլեւ մէկ անգամ եւս վերահաստատել այն ճշմարտութիւնը, որ հայապահպանութեան իրական առանցքը հայ մշակոյթն ու հայ կրթութիւնն է :

Մինչեւ 2007 Համազգայինը Հայաստանում գործել է իբրեւ հասարակական կազմակերպութիւն,  2007-ին այն  վերագրանցուել  է իբրեւ «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամ: Հիմնադրամի հոգաբարձուների խորհուրդն ունի 5 անդամ` Սպարտակ Ղարաբաղցեան, Լիլիթ Գալստեան, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Եդուարդ Մսըրլեան. Սիմոն Հասրճեան: Հիմնադրամի նախագահն է Սպարտակ Ղարաբաղցեանը։